2013-12-11 11:54:01

''Հաւատամք ի կեանս յաւիտենից - վերջին դատաստանը'' `Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Եզրափակելով ''հաւատամքի'' մասին իր խորհրդածութիւնները Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց ''Կը հաւատամ յաւիտենական կեանքին'' նիւթին, յատկապէս անդրադառնալով ''վերջին դատաստանի'' մասին։ ''Մարդու Որդին երբ գայ իր փառքով եւ իր բոլոր հրեշտակներուն հետ... Առջեւը պիտի հաւաքուին բոլոր ազգերը եւ զանոնք պիտի զատէ իրարմէ, ինչպէս հովիւը կը զատէ ոչխարները այծերէն։ Ոչխարներուն տեղ պիտի տայ իր աջ կողմը, իսկ այծերուն իր ձախ կողմը....Ու պիտի երթան, ասոնք` յաւիտենական տանջանքին, իսկ արդարները յաւիտենական կեանքին'' (Մատթ 25, 31-33, 46)։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ Քահանայապետը - մտաբերելով Տիրոջ վերադարձը ու վերջին դատաստանի օրը, կը գտնուինք մեծ խորհուրդի մը առջեւ։ Սակայն վախնալու չենք, որովհետեւ այս խորհուրդը Քրիստոնեային սիրտը կը հրճուեցնէ ու մխիթարութիւն եւ յոյս կը պարգեւէ, որովհետեւ Քրիստոսի փառքը մեզ կ՛առաջնորդէ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան լիութեան։
Միայնակ պիտի չի մնանք։ Յիսուս մեզի կ՛ըսէ թէ ''վերանորոգման օրը, երբ Մարդու Որդին պիտի բազմի փառքի աթոռի վրայ, անոնք որ իրեն հետեւեցան, պիտի բազմին անոր փառքին մէջ, դատելու համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը'' (Մատթ. 19, 28)։ Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ այս ուղղութեամբ ''գեղեցիկ է իմանալ որ կրնանք վստահիլ մեր բազմաթիւ եղբայր ու քոյրերուն բարեխօսութեան որ հաւատքի ճանապարհին վրայ մեզ կանխեցին'' ու աւելցուց` ''Սուրբերը արդէն կ՛ապրին Աստուծոյ փառքին մէջ եւ կ՛աղօթեն մեզի համար եւ այս մխիթարութիւնը մեր սրտերուն կը ներշնչէ վստահութին''։ Ի վերջոյ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Յովհաննէս աւետարանին մէջ գրուած է ''Աստուած իր Միածին Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէսզի աշխարհը դատէ, այլ որպէսզի անով փրկուի աշխարհը։ Ով որ կը հաւատայ անոր` չի դատապարտուիր, իսկ ով որ չի հաւատար` արդէն իսկ դատապարտուած է, որովհետեւ չի հաւատաց Աստուծոյ Միածին Որդիի Անունին։'' Այս կը նշանակէ թէ ''վճիռը - դատաստանը'' արդէն կը գործէ մեր կեանքի ընթացքին- ըսաւ Քահանայապետը։Վճիռը արձակուած է մեր կեանքի ամէն մէկ պահուն, որպէս Քրիստոսի մէջ գործող փրկութեան` հաւատքի ընկալում կամ ալ որպէս անոր հանդէպ անվստահութիւն։ Մենք ենք ուրեմն մեր փրկութեան դերակատարները, երբեք չի յոգնինք հսկելու մեր միտքին ու գործերուն վրայ, որպէզի այժմէն իսկ համտեսնեք Աստուծոյ դիմագիծին շքեղութիւնը որ յաւիտենական կեանքին մէջ պիտի վայելենք իր ամբողջ լիութեամբ - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացեալները յատուկ կոչ մը ուղղելով աջակեցլու անօթութեան դէմ` Քարիդասի կողմէ ձեռնարկուած արշաւին ինչպէս նաեւ պատգամ մը ուղղեց Լատինամերիկայի ժողովուրդներուն Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ։

Ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակելաներուն վերյիշելով թէ վաղը պիտի յիշատակուի Կուատալուփի Տիրամօր տօնը։ Սիրելի երիտասարդներ - ըսաւ Ան - սորվեցէք Մարիամէն ինչպէս համապատասխանել Տիրոջ կամքին. Սիրելի հիւանդներ հայցեցէք Աստուածամօր օգնութիւնը դժուար պահերու ընթացքին եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ ներշնչուեցէք Սուբ Կոյսէն որպէսզի ձեր ընտանիքներուն մէջ հաստատուի սէրն ու խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.